ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Խաժակ արք․ Պարսամեան մրցանակ յանձնեց Ռապպի Արթուր Շնայերին

Տ․ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ, Վատիկանի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ եւ «Appeal of Conscience» հիմնադրամի փոխնախագահ, Կեանքի վաստակի մրցանակը (Lifetime Achievement Award) յանձնեց Ռապպի Արթուր Շնայերին՝ հիմնադրամի հիմնադիր եւ նախագահին, 61-րդ ամենամեայ հանդիսաւոր երեկոյի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Pier Sixty սրահի մէջ, շուրջ 500 յարգարժան հիւրերու ներկայութեամբ։

Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան մրցանակը, որ յարգանքի տուրք էր Ռապպի Շնայերի բացառիկ ժառանգութեան՝ բարոյական առաջնորդութեան, միջկրօնական համերաշխութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան անխոնջ պաշտպանութեան բնագաւառներու մէջ, յանձնեց հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անունով։

Երեկոյի ընթացքին Appeal of Conscience Award մրցանակ շնորհուեցաւ FedEx-ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ռաճ Սուպրամանիամին՝ ի գնահատումն անոր հեռատես առաջնորդութեան եւ նորարարական մօտեցումներուն, ինչպէս նաեւ նուիրուած ծառայութեան ու ընկերակցական (corporative) պատասխանատուութեան միջոցով ամբողջ աշխարհի մէջ մարդոց, համայնքներու եւ տնտեսութիւններու միջեւ կապեր ստեղծելու անոր շարունակական յանձնառութեան։

1965 թուականին Ռապպի Արթուր Շնայերի կողմէն հիմնադրուած Appeal of Conscience Foundation-ը հեղինակաւոր միջկրօնական կազմակերպութիւն է, որ կը միաւորէ գործարար, կրօնական եւ դիւանագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչները՝ ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան, կրօնական ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու խթանման նուիրուած գործունէութեան շուրջ։

Տարիներու ընթացքին «Խիղճի կոչ» մրցանակը շնորհուած է միջազգային հեղինակութիւն վայելող պետական եւ հասարակական գործիչներու ու առաջնորդներու, որոնց ծառայութիւնը նպաստած է խաղաղութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ համաշխարհային համագործակցութեան ամրապնդման։ Նախկին դափնեկիրներու շարքին կը պատկանէին՝ Հենրի Քիսինճըրը, Մարիո Տրագին, Շինզօ Ապեն, Լի Սեան Լունը, Ֆրանսուա Օլանտը, Տէյուիտ Քամերոնը, Էնրիկե Պենիա Նիետոն, Սուսիլո Պամպանկ Եուտհոյոնոն եւ Սթիվըն Հարփեր։

Հանդիսաւոր երեկոյին ներկայ էին կրօնական, դիւանագիտական եւ հասարակական ոլորտներու նշանաւոր ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էր՝ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Պիետրո Պարոլինը, Ամերիկայի Յունական Ուղղափառ Արքեպիսկոպոսութեան արքեպիսկոպոս Էլպիդոֆորոսը եւ Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեան։

Հիմնադրամի 61-րդ տարեկան հանդիսաւոր երեկոն դարձաւ անոր մշտական առաքելութեան վառ վկայութիւնը՝ խթանելու խաղաղութիւնը, պաշտպանելու կրօնի ազատութիւնը եւ ազգերու ու ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի ու խիղճի վրայ հիմնուած կապերն ամրապնդելու ուղղութեամբ։