ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ  Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ

Տէր Խաժակ Արք․ Պարսամեան ծնած է 1951-ին Թուրքիոյ Մալաթիա մարզի Արաբկիր քաղաքը։ Ստամպուլի Սուրբ Խաչ դպրեվանքի միջնակարգ բաժինը աւարտելէն ետք, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Շնորհք Արք․ Գալուստեանի քաջալերութեամբ կը մեկնի Երուսաղէմ՝ ուսումը շարունակելու Սրբոց Յակոբեանց վանքի ժառանգաւորաց վարժարանի ու ընծայարանի մէջ (1967-1971 թթ.): Ընծայարանը ուսումնառութիւնը աւարտելէ ետք, 1971-ին կը ձեռնադրուի  կուսակրօն քահանայ, իսկ երկու տարի անց կը ստանայ  վարդապետական  աստիճան։

Իբրեւ փոխտեսուչ պաշտօնավարած է Երուսաղէմի ժառանգաւորած վարժարանէն եւ ընծայարանէն ներս, այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա։

Դասախօսութիւններով հանդէս եկած է ԱՄՆ-ի, Իտալիոյ, Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Երուսաղէմի եւ Հայաստանի մէջ: Ուսումնասիրութիւններ  կատարած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի, Վենետիկի Մխիթարեաններու եւ Երուսաղէմի Հայոց  Պատրիարքութեան գրադարաններու մէջ։

Հովուական գործունէութիւն ծաւալած է Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի տարբեր հայկական համայնքներէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Ստամպուլ։ Յետագային կը ստանձնէ Նիւ Եորքի Սբ. Վարդան Մայր տաճարի լուսարարապետի եւ Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան թեմի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուի պաշտօններ: Այնուհետեւ կը նշանակուի Հայ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդի փոխանորդ:

1990թ․-ի Մայիսին կ՛ընտրուի ԱՄՆ-ի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ եւ կը շարունակէ թեմի առաջնորդութիւնը ղեկավարել մինչեւ Մայիս 2018թ․։

Սրբազան Հօր առաջնորդութեան օրօք թեմի տարբեր վայրերու մէջ կ՛օծուին 9 նոր եկեղեցիներ, տարբեր նահանգներու մէջ կը հաստատուին բազմաթիւ նոր եկեղեցական համայնքներ։ Սրբազանի ձեռամբ կ՛օծուին 26 նոր քահանաներ եւ Հայաստանէն կը հրաւիրուին 13 երիտասարդ քահանաներ՝ համայնքներու մէջ ծառայելու նպատակով։ Սրբազանը նաեւ ձեռնադրած է հարիւրաւոր խորանի սպասաւորներ (սարկաւագ, կիսասարկաւագ եւ դպիր)։

Սրբազանի առաջնային նպատակներէն մէկը կ՛ըլլայ ամերիկահայ երիտասարդ սերունդի ներգրաւումը հայ եկեղեցական եւ համայնքային կեանքին։ Այդ նպատակով առաջնորդարանի մէջ կը ստեղծուի թեմական երիտասարդութեան կեդրոն, որուն գործունէութեան շնորհիւ կ՛ընդլայնուին ամառնային ճամբարային ծրագրեր, կը կազմակերպուին ուխտագնացութիւններ դէպի Հայաստան եւ Երուսաղէմ, կը կատարուին հոգեւոր առանձնացումներ եւ երիտասարդութեան ներկայացուցիչներու՝ վարժանիստեր /որքշոպեր/։ Սրբազանի նախաձեռնութեամբ ձեռք բերուած մեծ տարածքի վրայ կը կառուցուի թեմական «Արարատ» կեդրոնը, ուր ամառնային ճամբարներ եւ հոգեւոր առանձնացումներ կը կատարուին։

Սրբազանի կարեւորագույն իրագործումներէն մէկը կը դառնայ Սբ. Ներսէս Աստուածաբանական ճեմարանի եւ ընծայարանի առաքելութեան հզօրացումն ու ընդարձակումը։ Սրբազանի ջանքերով 2016-ին տեղի կ՛ունենայ ճեմարանի եւ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի անուան աստուածաբանական եւ հայագիտական կենտրոնի բացումը՝ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ։

1993թ․-ին Նիւ Եորքի Սբ. Վարդան տաճարի 25-ամեակի առթիւ կը նորոգուի  թեմական կեդրոնը եւ տաճարը, իսկ 2009թ․-ին կ՛օծուին անոր նոր պրոնզէ դռները:

1990-2017 թթ. Հայ Եկեղեցւոյ Դոտացիոն հիմնադրամի (Armenian Church Endowment Fund) դրամագլուխը 11 միլիոն տոլարէն կը հասնի 100 միլիոն տոլար:

Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Սրբազանի առաջնորդած թեմը կ՛ողջունէ 1988թ․-ի Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի նորաստեղծ «Ղարաբաղ  կոմիտէ»-ի գործունէութիւնը եւ լայնածաւալ նիւթական եւ քաղաքական օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ Հայրենիքին։ Նոյն թուականի աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Ամերիկայի Արեւելեան թեմը առաջիններէն մէկն կ՛ըլլայ, որ ձեռք կը մեկնէ տուժած հայրենակիցներուն։ Խաժակ Սրբազանի ջանքերով ստեղծուած «Հայ Օգնութեան Ֆոնտ»-ը (FAR), ստանալով «հասարակական կազմակերպութեան» կարգավիճակ (NGO), կը նախաձեռնէ Հայաստանի բնակչութեան երկարատեւ եւ մեծածաւալ մարդասիրական օգնութիւն։

Հայաստանի անկախութեան առաջին իսկ պահէն, Խաժակ Սրբազան նուիրուածութեամբ կը կատարէ իր պարտականութիւնը՝ ի նպաստ Հայրենիքի բարգաւաճումին եւ զօրացումին։ Առաջնորդարանի կեդրոնը կը դառնայ ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցիչի նստավայրը, իսկ յետագային Սրբազանի միջնորդութեամբ՝ ազգային մեծ բարերար տիար Գէորգ Յովնանեան կը նուիրաբերէ ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ պատուիրակութեան նստավայրի շէնքը /Նիւ Եորք/։

Սրբազան Հայրը կարեւորագոյն ներդրում կ՛ունենայ Վազգէն Ա․, Գարեգին Ա. եւ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետներու ներքոյ՝ Հայ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիներու միջեւ կայուն յարաբերութիւններու ապահովումին։ Իր անմիջական միջնորդութեամբ կ՛իրականացուի  Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի Հայաստան այցը /2001թ․-ին/, Հռոմի Սբ. Պետրոսի տաճարի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին մատուցուած Սուրբ Պատարագը /2015թ․-ին./ եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հայաստան այցը /2016թ․-ին/։

Խաժակ Սրբազան իր առաջնորդութեան օրօք կ՛ամրապնդէ թեմական միջկրօնական  եւ  միջեկեղեցական յարաբերութիւնները: Սրբազանը եղած է ԱՄՆ-ի «Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդի» վարչութեան անդամ, «Խղճմտանքի Կոչ» հիմնադրամի փոխնախագահ, աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է «Եկեղեցիներու Միջազգային Խորհուրդ»-ի մէջ, «Կազմակերպութիւններու ազգային էթնիկական կոալիցիայի», «Կրօնն Ամերիկեան Կեանք»-ի եւ «Ամերիկեան Աստուածաշնչեան Ընկերութիւն»-ի մէջ։ 1990թ․-էն Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի» անդամ է:

Արժանացած է ԱՄՆ-ի «Էլիս կղզիի» պատուոյ շքանշանի, ՀՀ Նախագահի «Հայրենիք» բարձրագոյն շքանշանի, ինչպէս նաեւ՝ «Ընդհանուր Հոգեւոր ճեմարանի» /Նիւ Եորք/, «Սեթոն Հոլ» համալսարանի /Նիու Ճըրսի/ եւ Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի պատուաւոր դոկտորի կոչումին:

2018թ․-ի Սեպտեմբերին Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․-ի տնօրինութեամբ կը նշանակուի Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ: Ստանձնելով նոր պաշտօնը, Սրբազանի գործունէութիւնը ուղղուած է առաւել ամրապնդելու երկու եկեղեցիներու մերձեցման գործընթացը։

Որպէս Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ Եկեղեցւոյ հայրապետական պատուիրակ, Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Սրբազանի առաջնորդական հովանիի ներքոյ կը գտնուին՝ Պելճիքայի, Իտալիոյ, Լիւքսեմպուրգի, Մալթայի, Նիտերլանտներու եւ Սպանիոյ Հայ Եկեղեցւոյ համայնքները։