ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Խաժակ Արք. Պարսամեան մասնակցեցաւ Բարթողիմէոս Ա Պատրիարքի պատուին Հռոմի ձեռնարկներուն

Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակը եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը, մասնակցեցաւ Հռոմի մէջ կազմակերպուած շարք մը ձեռնարկներու՝ ի պատիւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Բարթողիմէոս Ա Տիեզերական Պատրիարքի։

Ձեռնարկներուն գլխաւոր կէտերէն մէկը եղաւ Պատրիարք Բարթողիմէոսին՝ Քահանայապետական Սուրբ Թովմա Աքուինացիի համալսարանին (Angelicum) կողմէ Պատուոյ Աստուածաբանութեան դոկտորի կոչումի շնորհումը։ Այդ բարձր պատիւը շնորհուեցաւ Հոկտեմբերն 23-ին ի գնահատանք անոր երկարամեայ հոգեւոր առաջնորդութեան, աստուածաբանական վկայութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական միութեան եւ երկխօսութեան հանդէպ ցուցաբերած հետեւողական գործունէութեան։

Կիրակի, Հոկտեմբեր 26-ին, Նորին Սրբութիւնը նախագահեց Սուրբ Պատարագին՝ Հռոմի Սուրբ Թէոդորոս Յունաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ներկայ էին տարբեր քիստոնեայ Եկեղեցիներու հոգեւորականներ, դիւանագէտներ եւ հաւատացեալներ՝ աղօթքի եւ եղբայրական հաղորդակցութեան մթնոլորտի մէջ։

Խաժակ Արք. Պարսամեանի ներկայութիւնը այս ձեռնարկներուն մէջ վերահաստատեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Տիեզերական Պատրիարքարանին միջեւ սերտ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական միասնական վկայութեան ուղղուած փոխադարձ յանձնառութիւնը։

Գերշ. Սրբազանին մասնակցութիւնը նաեւ ընդգծեց Եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ յարգանքը, եղբայրական մերձեցումը եւ միջեկեղեցական երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ ի սպաս քրիստոնէական հաւատքի ընդհանուր առաքելութեան։