ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Փրոֆ․ Ա․ Տէրեան փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին երեք հրատարակութիւններ

2 Մարտ, Չորեքշաբթի առաւօտ Խաժակ Սրբազանը, Փրոֆ. Աբրահամ Տէրեան եւ անոր Տիկինը մասնակցեցան Ն.Ս. ֆրանչիսկոս Քահանայապետի աւանդական ունկնդրութեան, որու աւարտին անոնք առիթ ունեցան անձամբ ողջունելու Սրբազան Քահանայապետին և փոխանցելու Փրոֆ. Տէրեանի երեք նոր հրատարակութիւնները։ Ֆրանչիսկոս Պապ իր գնահատանքը  յայտնեց եւ իր օրհնութիւնը տուաւ Տէրեան ամուլին։