Վերափոխման այս լուսեղէն եւ օրհնաբեր տօնին, մենք հոգւով եւ մտքով կը բարձրանանք դէպի, ուր Սուրբ Կոյս Մարիամի փառաւոր փոխադրութիւնը կը շողայ իբրեւ յոյսի, սրբութեան եւ երկնահրաւէր կոչումի կենդանի վկայութիւն։
Այս սրբազան խորհուրդը լոկ անցեալի յիշատակ մը չէ, այլ ներկայ աւետիս մը՝ ուղղուած ամէն մարդու, որ կը տենչայ վերագտնել իր ճամբան դէպի Աստուած եւ Նարեկացիի աղօթական շունչով Տիրոջ կուղղէ իր սրտի մշտնջենաւոր պաղատանքը. «Ողորմեա՛ ինձ»։ Քանզի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին մեզ կը սորվեցնէ, թէ ճշմարիտ մօտեցումը Աստուծոյ կը սկսի ներքին բեկումէն, մեղքի գիտակցութենէն եւ ողորմութեան ծարաւէն։
Այդ իսկ հոգիով մենք այսօր կը խորհրդածենք Վերափոխման խորհուրդի մասին, բացայայտելով թէ ինչպէս Սուրբ Կոյս Մարիամը` հաւատքով, խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբ իր կեանքը յանձնեց Աստուծոյ կամքին`դառնալով Բանն Աստուծոյ Մայրը եւ մարդկութեան փրկութեան խորհուրդի խոնարհ սպասաւորը ։
Մարիամի խոնարհութիւնը ու Նարեկացիի ապաշխարող սիրտը միասին մեզ կը յիշեցնեն, որ Աստուծոյ տանող ճանապարհը կը սկսի ներքին նորոգութեամբ:
Վերափոխման տօնը այսպէս կը դառնայ հոգեւոր արթնութեան օր։ Մարիամի մէջ մենք կը տեսնենք ոչ միայն անհուն շնորհքի պսակը, այլ նաեւ այն մարդու կոչումը`մասնակից դառնալու յաւիտենական կեանքին:
Իսկ այդ կոչումը աւելի յստակ կը դառնայ, երբ հոգին կը սորվի աղօթել։ Նարեկացին մեզ կը բացայայտէ, որ անկեղծ աղօթքը երբեմն աւելի զօրաւոր է քան բազմախօսութիւնը. Իսկ սրտի հառաչանքը ու արտասուքը`աւելի խորունկ քան բարձրաձայն խօսքը։
Նարեկացիի աղօթքին մէջ յաճախ կը լսուի մարդուն ամբողջ անզօրութիւնը եւ նոյն ատեն՝ Աստուծոյ հանդէպ անվերապահ վստահութիւնը։ Այդ վստահութիւնն է, որ այսօր եւս մեզ կը պահէ։ Որքան ալ ծանր ըլլան մեր մեղքերը, որքան ալ վիրաւոր ըլլան մեր սրտերը, որքան ալ ցամքած թուի մեր հոգեւոր կեանքը, դարձեալ համարձակութիւն կունենանք դառնալու Տիրոջ, որովհետեւ Ան «բազմաողորմ» է։
Մարիամի Վերափոխումը մեզ նաեւ կը յիշեցնէ կնոջ արժանապատուութիւնը, մայրութեան սրբութիւնը եւ սիրով ու նուիրումով ծառայելու արժէքը: Այս օրը երախտագիտութեամբ կը դառնանք մեր մայրերուն, մեծ մայրերուն, քոյրերուն ու բոլոր այն կիներուն, որոնք ինչպէս վառուած կանթեղներ, իրենց սիրով եւ նուիրումով լոյս կը սփռեն ընտանիքի, եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Աստուածամայրը անոնց համար միայն երկնային թագուհի մը չէ, այլ նաեւ սրտամօտ օրինակ մը՝ քնքշութեան, տոկունութեան, համբերութեան եւ նուիրումի։
Վերափոխման տօնին մաս կը կազմէ նաեւ խաղողօրհնէքի գեղեցիկ եւ խորախորհուրդ աւանդութիւնը։ Հասունցած առաջին պտուղը Աստուծոյ ընծայելով մենք կը խոստովանինք, որ մեր ունեցած իւրաքանչիւր բարիքը Աստուծոյ պարգեւն է ։ Խաղողի ողկոյզը, իր բազմահատիկ միութեամբ, մեզ կը յիշեցնէ եկեղեցական կեանքը, ուր իւրաքանչիւր անդամ իր տեղն ու առաքելութիւնը ունի: Իսկ երբ խաղողը վերածուի գինիի մեզ կը յիշեցնէ որ մեր կեանքն ալ կոչուած է պտղաբեր ըլլալու:
Մենք բոլորս կոչուած ենք պտղաբեր ըլլալու, բայց այդ պտուղը պատահականօրէն չի ծնիր։ Ան կը հասուննայ աղօթքի, ապաշխարութեան, Սուրբ Գիրքի ընթերցման, Սուրբ Պատարագի մասնակցութեան եւ ողորմածութեան գործերուն մէջ։ Առանց շնորհքի հոգին չորացած որթի կը նմանի. արտաքինօրէն թերեւս կանգուն, բայց ներքուստ անպտուղ։ Նարեկացին այս ճշմարտութիւնը իր ամբողջ գոյութեամբ կ’ապրի. ան կը գիտակցի, թէ մարդը ինքն իրենով անկարող է, բայց Աստուծոյ ողորմութեամբ կրնայ նորոգուիլ, զօրանալ եւ պտղաբեր դառնալ։ Այդ պատճառով անոր աղօթքը ոչ թէ յուսահատութեան խօսք է, այլ փրկութեան դուռը թակող ձայն։
Ուստի, սիրելիներ, այս տօնին առիթով չբաւարարուինք միայն գեղեցիկ աւանդութեամբ կամ արտաքին հանդիսաւորութեամբ։ Սրտով ընդունինք այս խորհուրդը: Վերափոխումը մեզ կոչ է վերափոխուելու։ Մարիամի փառքը մեզ կը հրաւիրէ ներքին նորոգութեան։ Նարեկացիի լացակումած խօսքը մեզ կը յորդորէ անկեղծօրէն ճանչնալու մեր անձը`առանց դիմակի, առանց պատրանքի, բայց նաեւ առանց յուսահատութեան։ Որովհետեւ ան որ Տիրոջ առջեւ կը կանգնի խոնարհ սրտով, երբեք մերժուած չի մնար։ Ապաշխարող սիրտը Աստուծոյ համար փակ դուռ չէ, այլ բացուած խորան։
Թող այս տօնը իւրաքանչիւրիս համար դառնայ ներքին յարութեան պահ։ Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութեամբ մխիթարուին տրտմածները, զօրանան տկարները, բժշկուին վիրաւոր սրտերը եւ հաւատքով վերահաստատուին տատանուող հոգիները, օրհնուին մեր ընտանիքները եւ խաղաղութիւն տիրէ մեր ժողովուրդի մէջ: Իսկ մենք, Նարեկացիի խոնարհ սրտով, դարձեալ վերադառնանք մեր Տիրոջ՝ վստահ, թէ անոր ողորմութիւնը աւելի խոր է, քան մեր անկումը, եւ անոր լոյսը՝ աւելի զօրաւոր, քան մեր խաւարը։
Վերջապէս, օրհնուած խաղողին քաղցրութիւնը թող մեզ յիշեցնէ շնորհքի անուշութիւնը, իսկ Սուրբ Կոյսի Վերափոխման փառքը՝ մեր երկնաւոր կոչումը։ Թող մեր կեանքերն ալ դառնան պտղաբեր անդաստան, մեր սրտերը՝ մաքուր անօթ, մեր տուները՝ աղօթքի օճախ, եւ մեր եկեղեցիները՝ կենդանի վկայութիւն Աստուծոյ ներկայութեան։ Եւ ինչպէս Նարեկացին աղաղակով ու վստահութեամբ իր հոգին կը յանձնէ Տիրոջը, այնպէս ալ մենք այսօր մեր ամբողջ էութեամբ աղօթենք. Տէ՛ր, ողորմէ՛ մեզի, առաջնորդէ՛ մեզ, սրբէ՛ մեզ եւ արժանացուր մեզ լուսեղէն քու արքայութեանդ։ Ամէն։
Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան