ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Միջեկեղեցական արարողութիւն Հռոմի Սուրբ Վլաս եկեղեցւոյ մէջ

Մալանքարա Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Ն. Ս. Պասէլիոս Մարթովմա Մատթէոս III-ի Սուրբ Աթոռ՝ Վատիկան անցելութեան առթիւ, Խաժակ Արք. Պարսամեան՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ և Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ, կազմակերպած էր միջեկեղեցական արարողութիւն, Հռոմի Սուրբ Վլաս եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի երեկոյ,10 Սեպտեմբերին։

Միջեկեղեցական արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին, Կաթողիկէ, Ղպտի Ուղղափառ, Մալապար Ուղղափառ, Յոյն Ուղղափառ, Աւետարանական, Հայ Առաքելական Եկեղեցու և Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Կաթողիկէ հոգեւորականներ։

Խաժակ Սրբազան իր բարիգալստեան խօսքին մէջ, յիշեց թէ ինչպէս մօտաւորապէս 38 տարիներ առաջ հանդիպած էր Նորին Սրբութեան Հռոմի մէջ, երբ իրենք երկուքն ալ իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէին Քահանայապետական Արեւելեան ինստիտուտի մէջ եւ կապրէին “Ռուսիքում” կաթողիկէ հաստատութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւն Պասէլիոս Մարթովմա Մատթէոս կաթողիկոսը իր պատգամի սկիզբը, շնորհակալութիւն յայտնեց Խաժակ Սրբազանին եւ ներկայ կարտինալին, եպիսկոպոսներուն, բոլոր հոգեւորականներուն ու ներկաներուն։ Ինք եւս անդրադարձաւ իր ուսանողական տարիներուն Հռոմի մէջ եւ նաեւ յիշեց թէ ինչպէս Խաժակ Սրբազանի հետ միատեղ կը պատարագէին Հայ եւ Մալանքարա Եկեղեցիներու աւանդութեան համաձայն։ Ան նաեւ անդրադարձաւ ներկայ ժամանակաշրջանին միջեկեղեցական [էքումէնիք] շարժման կարեւորութեան մասին։