ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Ձեռնադրութիւն Պրիւքսելի Ս․ Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի, 8 Յունիս 2025-ին, Հոգեգալստեան տօնին, Եկեղեցւոյ օծման եւ անուանակոչութեան 35-րդ տարեդարձի առիթ, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան Սուրբ Պատարագ մատուցեց։

Յիշեցնենք, որ Եկեղեցին օծուած է 1990 թ. Մայիսին` շնորհաբեր ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ Երջանկայիշատակ երկու Հայրապետներու, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա․ Ամենայն Հայոց եւ Գարեգին Բ․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն։

Յոբելենական պատարագի ընթացքին Տ․Խաժակ Սրբազանը եկեղեցւոյ երկար տարիներու նուիրեալ ծառայողներէն` Տիար Արամ Յաղանը, Տիար Օհան Յաղանը, Տիար Յովսէփ Արոյեանը սարկաւագ ձեռնադրեց։

Պատարագիչ Սրբազանը իր քարոզի ընթացքին ներկայացուց օրուան հոգեւոր խորհուրդը, միաժամանակ շնորհաւորեց Պելճիքայի Հայ համայնքը՝ տեսիլք ունեցող, եկեղեցաշէն եւ հաւատքի շուրջ համախմբող այդ յոյժ կարեւոր ձեռնարկի համար։ Ան աղօթեց եւ մաղթեց համայնքանուէր եւ հայօգուտ գործունէութեանց մէջ բարի շարունակութիւն եւ նորանոր յաջող ձեռքբերումներ։

Այնուհետեւ քարոզիչ սրբազանը շնորհաւորեց ձեռնադրուած սարկաւագները, անոնց մաղթեց նուիրեալ եւ օրինակելի ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանի եւ պէլճիքահայ համայնքի ներս։

Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց հոգեւոր հովիւ` Զատիկ վարդապետ Աւետիքեանը եւ իր գնահատանքն ու բարեմաղթանքները յայտնեց անոր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 45 ամեակին առթիւ։ Հայր Սուրբը ձեռնադրուած է 8 Յունիս 1980 թ.-ին, Սուրբ Էջմիածինի տօնի օրը, Էջմիածինի Մայր Տաճարի մէջ, Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա․ Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ։

Յետմիջօրէին, ի պատիւ Հայրապետական Պատուիրակի, Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը կազմակերպեց տօնական ընթրիք, ուր հրաւիրուած էին եկեղեցւոյ եւ անոր շուրջ ծառայող սարկաւագները, դպիրները, երգչախումբի անդամները, տիկնանց միութեան եւ կիրակնօրեայ դպրոցի պատասխանատուներն ու այլ հիւրեր։

Ընտանեկան ջերմութեամբ, բարեկամական տրամադրութեամբ եւ ուրախ մթնոլորտով լի ընթրիքի աւարտին Խաժակ Սրբազանը ներշնչուած պահուան խորհուրդով, ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յորդորները, ուղեկցուած լաւագոյն բարեմաղթանքներով։