ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Հովուական այց՝ Լիզպոն

Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան Ապրիլի 13-էն 15 Լիզպոն կատարած իր հովուական այցի ընթացքին, շաբաթ օր այցելեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի հայկական բաժինը, ուր տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեանի հետ քննարկեց յետագայ համագործակցութեան ծրագրերը։

Յաջորդ օրը, Կիրակի յետմիջօրէին, Խաժակ Սրբազանի ձեռամբ եւ Հոգշ․ Տէր Շնորհք աբեղայ Սարգսեանի առընթերականութեամբ Լիզպոնի Igreja de Nossa Senhora do Rosário de Fátima եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Փորթուկալահայ համայնքի վերջին տարիներու պատմութեան մէջ Զատկական անդրանիկ Ս․ Պատարագը, զոր կազմակերպած էր Փորթուկալիա-Հայաստան Բարեկամութեան միութիւնը: Պատարագին մասնակցեցան աւելի քան 50 հայ հաւատաւորներ՝ Լիզպոնէն, մօտակայ շրջաններէն եւ մինչեւ իսկ Պորտօ քաղաքէն։

Այդ ուրախ առիթով, ներկաներու մեծ մասը նոյն երեկոյ Ararat հայկական ռեստորանին մէջ հաւաքուեցաւ ընթրելու սիրոյ սեղանին շուրջ, որուն ուղեկցեցան սրտագին կենացներով եւ հայկական երգով։

Միասնօրէն ակնկալուեցաւ մօտակայքը ստեղծել ժամանակաւոր եկեղեցական խորհուրդ, որուն առաջնային նպատակը պէտք է ըլլար քարտէզագրել եւ կապ հաստատել Փորթուկալի մայրաքաղաքին եւ շրջակայ վայրերու մէջ բնակող հայութեան հետ՝ ծխական կեանքի եւ Եկեղեցւոյ հայապահպան ծրագրերու մէջ ներգրաւելու նպատակով։

Մեկնելէն առաջ, երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 10-ին, Խաժակ Արք․ Պարսամեան հիւրընկալուեցաւ Լիզպոնի Պատրիարք՝ Արքեպիսկոպոս Րույ Մանուէլ Սոուզա Վալերիոյի մօտ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան նախագահ Տիար Վահէ Մխիթարեանը։

Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքի հոգեւոր առաջնորդին զինք անձնապէս ճանչնալու ընձեռած հնարաւորութեան, ինչպէս նաեւ Սուրբ պատարագի կապակցութեամբ կաթոլիկ աղօթավայր տրամադրելու համար։

Անդրադառնալով հայազգի բարերար Գալուստ Կկիւլպէնկեանի անձին, հիւրընկալ հոգեւորականը բարձր գնահատեց անոր գործունէութիւնը՝ յօգուտ իրեն համար երկրորդ հայրենիք դարձած Փորթուկալիոյ եւ անոր ժողովուրդի բարօրութեան։

Հիւրընկալ հոգեւորականը Խաժակ Սրբազանէն տեղեկացաւ երկրի մէջ բնակող հայութեան մասին եւ հանդիպման ներկայ գտնուող միջեկեղեցական հարցերով իր փոխանորդի հետ, խոստացաւ հայ հաւատաւորներու հոգեւոր կարիքները բաւարարելու համար տրամադրել եկեղեցի մը, ուր կանոնաւոր պատարագներէն բացի հնարաւոր կ՛ըլլայ նաեւ ստեղծել կիրակնօրեայ դպրոց։

Բարեկամական ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի աւարտին Սրբազան Հայրը Լիզպոնի Պատրիարքին նուիրեց Սուրբ Կոյսի Աւետման փայտէ սրբապատկերը։