Երկուշաբթի, 19 Մայիս, 2025-ի առաւօտուն, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ՝ Լեւոն XIV Պապը, ընդունեց նախորդ օրը՝ կիրակի առաւոտեան «Հռոմի Եպիսկոպոսի եւ Պետրոսի յետնորդի» իր առաքելութեան մեկնարկի հանդիսաւոր արարողութեան եւ անդրանիկ պատարագին մասնակցած հոգեւոր պետերը եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Կ․ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ․ Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որու կազմի մէջ էին Վատիկանի մօտ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ՝ Գերաշնորհ Տ․ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ՝ Գերաշնորհք Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան եւ Տ․ Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներ՝ Գերաշնորհ Տ․ Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեան եւ Հոգեշնորհ Տ․ Աղան Վարդապետ Գոգչեան։ ![]()
Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն յորդորեց գործակցիլ յանուն խաղաղութեան՝ գերադասելով այդ նպատակը գաղափարական եւ քաղաքական շահերէ։ Խրախուսելով Էքիւմենիք շարժումը՝ Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ շարունակել քրիստոնեաներու եւ հրեաներու միջեւ երկխօսութիւնը, իսկ մահմետականներու հետ յարաբերութիւնները կառուցել փոխադարձ յարգանքի եւ խղճի ազատութեան հիման վրայ։
Դիմելով հոգեւոր պետերուն եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն՝ Սրբազան Քահանայապետը նախ անդրադարձաւ «համընդհանուր եղբայրութեան» գաղափարին՝ յիշելով իր նախորդներէն Յովհաննէս ԻԳ-ի (XXIII) նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ Ֆրանկիսկոս Պապի խթանած միջեկեղեցական ճանապարհն ու միջկրօնական երկխօսութիւնը, որոնք սերմանուած են անձնական յարաբերութիւններու եւ մարդկային հանդիպումներու միջոցով։
Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնն անդրադարձաւ նաեւ Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին՝ բնորոշելով այն որպէս «հիմնարար հանգրուան բոլոր Եկեղեցիներու եւ եկեղեցական համայնքներու կողմէ ընդունուած Հաւատոյ հանգանակի ձեւաւորման ճանապարհին»։
«Դէպի հաւատքի միասնութեան ձգտումը միշտ եղած է մեր հաստատուն մտահոգութիւնը, որու վկայութիւնն է նաեւ մեր եպիսկոպոսական առաքելութեան համար ընտրուած նշանաբանը՝ In Illo uno unum («Անոր մէջ որ Մէկ է՝ մենք մէկ ենք»), այսինքն՝ ինչպէս կը յիշեցնէ Սուրբ Օգոստինոս, «մենք, թէեւ շատ ենք, բայց Անոր՝ Քրիստոսի մէջ՝ մէկ ենք»,- ընդգծած է նորընտիր Լեւոն XIV Պապը։
Ապա, անդրադառնալով քրիստոնեաներու միասնութեանը՝ շեշտած է․ «Քրիստոնեաներու միասնութիւնը տեղի կ’ունենայ միայն այն ժամանակ, երբ մենք միասնական ենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի մէջ, որովհետեւ որքան հաւատարիմ ու հնազանդ ենք Անոր, այնքան միաւորուած ենք իրարու հետ։ Այդ պատճառով բոլոր քրիստոնեաները կանչուած են միասին աղօթելու եւ աշխատելու՝ այս նպատակին իրականացման համար, որ կայ եւ կը մնայ Սուրբ Հոգիի պտուղը»։
Հանդիպման աւարտին, Գերշ. Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան առիթ ունեցաւ անձնապէս ողջունելու Նորին Սրբութիւնը եւ փոխանցելու անոր Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները:
Պապական ընդունելութենէ ետք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը այցելած է Վատիկանի այգիներու մէջ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի եւ Սուրբ Պետրոսի տաճարի բակին մէջ բարձրացող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի արձաններուն։