2025 թուականի Օգոստոս 22-24-ին Նիտերլանտներու Կելտերլանտ նահանգի Տոմինիկեան վանքին մէջ, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ` Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի օրհնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցան Հոլանտայի եւ Պէլճիքայի ֆլամանտախօս շրջանի ծխական համայնքներու խորանի սպասաւորներու վերապատրաստման դասընթացքներ, ուր մէկ յարկի տակ հաւաքուած էին տարբեր համայնքներէն 32 եկեղեցասէր երիտասարդներ։
Դասընթացքները վարեցին յատուկ այդ նպատակով Նիտերլանտներ ժամանած՝ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմին մէջ գործող Սուրբ Ներսես Ընծայարանի տեսուչ Արժանապատիւ Տէր Մարտիրոս քահանայ Չեւեանը եւ Բարեշնորհ Ալեքս սարկաւագ Չալիկեանը։ Կազմակերպչական աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Արժանապատիւ Տէր Տարօն քահանայ Թադէոսեանն ու Բարեշնորհ Գրիգոր սարկաւագ Այվազեանը։
Եռօրեայ հանդիպումը կարեւորեցաւ ոչ միայն երիտասարդ սարկաւագներու, ուրարակիրներու եւ դպիրներու, ուսման առումով, գիտելիքներու հարստացմամբ, այլեւ միմեանց հետ ծանօթանալու, մտերմանալու եւ համայնքայնօրէն զօրանալու առիթ հանդիսացաւ։ Վստահաբար ե՛ւ ձեռք բերած նոր գիտելիքները, ե՛ւ անոնց միջեւ հաստատուած ամուր կապը պիտի նպաստեն Հոլանտայի եւ Պէլճիքայի հայ եկեղեցական համայնքներու բարգաւաճման։
Հանդիպումը աւարտին հասաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, զոր մատուցեց Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը։ Իր պատգամին մէջ ան նշեց․«Մեր հայրերը ամէնուր եկեղեցիներ կառուցած են, եւ այդ երաշխիք հանդիսացած է իրենց քրիստոնէական ինքնութեան շարունակականութեան համար։ Քրիստոնէական հաւատքը անոնց համար շատ կարեւոր էր։ Գիտէք նաեւ, որ առաջին միսիոներներէն մէկը, ով 4-րդ դարուն Հոլանտա բերած է քրիստոնէութիւնը, հայ էր՝ Սուրբ Սերվատիոսը, Մաստրիխտ քաղաքի Եպիսկոպոսը»։
Սրբազան Հայրը կարեւորեց մեր հայրերու գործի շարունակականութիւնը՝ ընդգծելով, որ ատոր ապահովման համար նախեւառաջ անհրաժեշտ է միասնականութիւն եւ Սուրբ Եկեղեցուն նուիրուած ծառայասիրութիւն։ Ան աւելցուց․«Այսօր պատարագի ընթացքին, երբ ժամանակը հասաւ «ողջոյն տուք միմեանց ի համբոյր սրբութեան…» եւ ապա երգեցինք «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ… եկեղեցիս մի անձ եղեւ…», ես զգացի, որ ձեր մէջ իրական եղբայրութիւն եւ միասնութիւն հաստատուած է»։