ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Մաստրիխտի «Սուրբ Կարապետ» եկեղեցւոյ հիմնադրման իններորդ տարեդարձը

Կիրակի՝ 6 Փետրուարին, Մաստրիխտի «Սուրբ Կարապետ» եկեղեցւոյ հիմնադրման իններորդ տարեդարձի պանծալի առիթով՝ եկեղեցւոյ մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Եկեղեցին բազմամարդ էր։

Պատարագէն առաջ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ եւ վաղամեռիկ նուիրեալ՝ Պերճ Սարկաւագ Ասատուրեանի ծնողները եկեղեցւոյ նուիրեցին խորհրդանշական «Ճաշու Աւետարան», որ օրհնուեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ձեռամբ, ապա Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը մատուցեց օրուան սուրբ պատարագը՝ առընթերակայութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի:

Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ օծման 9-րդ տարեդարձի առիթով մատաղօրհնէք տեղի ունեցաւ, իսկ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Լեւոն Սարգիսը պատուոգիր եւ շնորհակալագիրեր յանձնեց եկեղեցւոյ անխոնջ նուիրեալներ՝ տիար Արմէն Սարգիսին, խաչքաւոր՝ տիար Մաքսիմ Բոստանեանին եւ տիար Յարութիւն Մանուկեանին՝ եկեղեցւոյ մատուցած իրենց բազմաթիւ ու անմոռանալի ծառայութիւններուն համար:

Պատուոգիրերու եւ շնորհակալագիրերու յանձումէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ: Գերաշնորհ Սրբազանի օրհնութեամբ ներկաները ճաշակեցին մատուցուած մատաղը: Ջերմ ու գեղեցիկ մթնոլորտ էր՝ համեմուած երգեցողութեամբ, ասմունքով ու բարեմաղթանքներով։ Ճաշկերոյթի աւարտին Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ատենապետ՝ տիար Լեւոն Սարգիս խոստացաւ յաջորդ տարի եկեղեցւոյ հիմնադրման յոբելենական տասներորդ տարին աւելի հանդիսաւոր նշել: Իր խօսքին մէջ ան յոյս յայտնեց, որ յաջորդ տարի համավարակը վերջացած կ՛ըլլայ եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ մեր սահմաններուն եւ երկրի մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ:

Ներկաները գոհունակութիւն յայտնեցին, գեղեցիկ, յիշարժան եւ ամենակարեւորը հայեցի եւ հոգեսնունդ ներշնչող օրուան համար, նամանաւանդ անուրանալի էր Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներու վաստակը՝ ատենապետ տիար Լեւոն Սարգիսի գլխաւորութեամբ: