Շաբաթ, 14 Յունիս 2025 թ., առաւօտեան Մաստրիխտ քաղաքի Սուրբ Սերվատիուսի կաթոլիկ մայր տաճարի մէջ, ուր կը հանգչին 4-րդ դարու Նիտերլանտներու առաջին եպիսկոպոս ծագումով հայ՝ Սուրբ Սերվատիուսի մասունքները, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ։ Պատարագեց Արժանապատիւ Տէր Սերովբէ Քահանայ Էյլենճեանը, որուն սպասաւորեցին Պրիւքսէլի Ս․ Մարիամ Մագդաղենացի եւ Մաստրիխտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցիներու սարկաւագները։
Սուրբի անունը կրող մայր տաճարին մէջ կայացած բացառիկ արարողութիւն, որ կատարուեցաւ Մաստրիխտի մէջ հայազգի Սուրբ Սերվատիուսին նուիրուած տասնօրեայ միջոցառումներու ընթացքին, դարձաւ ուխտագնացութեան նշանակալի առիթ ոչ միայն քաղաքի հայ համայնքի, այլեւ՝ Նիտերլանտներու եւ Պելճիքայի տարբեր վայրերէն ժամանած տասնեակ հաւատաւոր հայերու համար։
Heiligdomsvaart Maastricht անուանուող տօնը ունի դարաւոր աւանդոյթ։ Այդ օրերուն հաւատացեալները ուխտով կը ժամանեն Մաաստրիխտ՝ երկրպագելու Սուրբ Սերվատիոսի մասունքները, աղօթելու եւ մասնակցելու պատարագներուն, հանդիսաւոր երթերին եւ մշակութային միջոցառումներուն։
Պատուաւոր հիւրերն էին Ռուրմոնտի հոգեւոր առաջնորդ՝ Եպիսկոպոս Ռոն վան դեն Հաուտը, Նիտերլանտներու Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակութեան խորհրդական՝ Հայր Եան Թոմաս Լիմչուանը, Ռուրմոնտի նախկին հոգեւոր առաջնորդ՝ Եպիսկոպոս Ֆրանց Վիերտսը, ինչպէս նաեւ Մաստրիխտի փոխանորդ եւ մայր տաճարի լուսարարապետ՝ Հայր Ճոն Դաուցենպերկը։
Սուրբ Պատարագին ներկայ էին նաեւ Նիտերլանտներու Թագաւորութեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Վիքթոր Պիակովը, սենատոր Թէօ Պովենսը, եւ բազմաթիւ պատուաւոր հիւրեր՝ քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, դիւանագէտներ, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ հոլանտացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորներ։
Հանդիսաւոր այս առիթով քարոզ յղած էր Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը։ Սրբազանի քարոզը ներկաներուն փոխանցեց Տէր Հայրը։
Իր քարոզի մէջ Խաժակ Սրբազան կարեւորեց հայազգի Սուրբ Սերվատիուսի առաքելութիւնը, «ով քրիստոնէութիւնը Կովկասեան հնագոյն երկիրէն հասցուց Նիտերլանտներու ափեր» որպէս միսիոներական ոգիի կենդանի վկայութիւն։ Ան ընդգծեց, որ Սուրբ Թադէոսէն, Սուրբ Բարդուղիմէոսէն եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկիզբ առած հայոց հաւատքը ոչ միայն քրիստոնեայ ազգ ծնունդ տուած, այլեւ վառած է այն հոգեւոր լոյսը, որ այսօր ալ շարունակողաբար կ՛ոգեշնչէ հայ ժողովուրդը։
Խօսքի կարեւոր առանցքներէն էր հաւատքի միասնութեան եւ մշակութային բազմազանութեան ներդաշնակութեան գաղափարը։ Սրբազանը յղում կատարեց երջանկայիշատակ Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանկիչկոսի ուղերձին («Evangelii Gaudium»), ընդգծելով, որ ներկայիս արարողութիւնը անմիջական միասնութեան տեսլականի մարմնացումն է։
«Մեր տարբերութիւնները խոչընդոտ չեն, այլ հարստութիւն՝ միահիւսուած հաւատքի գորգի մէջ, որ կը փայլատակի այս աշխարհի մթութեան մէջ», – նշուած էր քարոզի մէջ։
Խաժակ Սրբազան անդրադարձաւ նաեւ հայ եւ հոլանտացի ժողովուրդներու պատմական կապերուն՝ յիշատակելով միջնադարեան առեւտրային յարաբերութիւնները, Ամսթերտամի հայկական համայնքի պատմութիւնը, 1666 թուականին այնտեղ տպագրուած առաջին ամբողջական հայերէն Աստուածաշունչը, եւ 1713-ին հայերուն թույլատրուած եկեղեցաշինութիւնը։ Սրբազանը երախտագիտութեամբ խօսեցաւ Նիտերլանտներու հիւրընկալ ոգիի եւ կարեկցանքի մասին՝ որպէս քրիստոնէական սիրոյ վառ օրինակ։
Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը մեջբերեց նաեւ Սրբազան Պապ Լեւոն ԺԴ․-ի մարգարէական խօսքերը, որոնք հնչեցին 2025 թ․Մայիսին՝ տարբեր եկեղեցիներու առաջնորդներու հետ հանդիպման ժամանակ․«Եթէ կը ցանկանք բուժել բաժանման վէրքերը, պէտք է ձգտինք ընդհանուր բարօրութեան։ Հակառակ մեր տարբերութիւններուն, բոլորս հիւսուած ենք Քրիստոսի սիրոյ մէջ»։
Խաժակ Սրբազանի քարոզը եզրափակուեցաւ Սուրբ Սերվատիուսի ոգիէն ներշնչուած կոչով՝ ապրիլ հաւատքով, գործել սիրով ու հաշտութեամբ, դառնալ կենդանի վկաներ մեր համայնքներու մէջ եւ աղօթել հայ եւ հոլանտացի ժողովուրդներու բարօրութեան համար։
Արարողութեան աւարտին Սրբազանը ողջունեց ներկաները եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Եպիսկոպոս Ռոն վան դեն Հաուտին՝ կարեւորելով քրիստոնէական եղբայրութեան եւ էքիւմենիկ յարաբերութիւններու ամրապնդումը՝ նման հոգեւոր միջոցառումներու միջոցով։
Պատարագի աւարտին, բոլոր ներկաները հիւրընկալուեցան եկեղեցւոյ աւանդատանը՝ Ս․ Կարապետ Հայ Եկեղեցական Համայնքին ջանքերով կազմակերպուած ընդունելութեան։
Հաջորդ օրը՝ Յունիս 15-ին, Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան, տեղական եւ արտասահմանի բարձրագոյն հիւրերու շարքին, ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Սերվատիուսի մայր տաճարին մէջ մատուցուած եպիսկոպոսական պատարագին, որուն ընթացքին Մաստրիխթի փոխանորդ՝ Հայր Ճոն Դաուցենպերկ ջերմօրէն ողջունեց զինք։
Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը անձամբ փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները եւ տօնական ձեռնարկի առիթով իր տպաւորութիւնները՝ Ռուրմոնտի Եպիսկոպոս Ռոն վան դեն Հաուտին եւ նախկին հոգեւոր առաջնորդ՝ Եպիսկոպոս Ֆրանց Վիերտսին։