Կիրակի, 18 Մայիս, 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հռոմի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հռոմի Լեւոն XIV Պապի գահակալութեան արարողութիւնը եւ Քահանայապետութեան անդրանիկ պատարագը, որուն մասնակցեցան կարդինալական դասի անդամները, եպիսկոպոսներ, քահանաներ ու շուրջ 250 հազար ուխտաւոր հաւատացեալներ, աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարներ ու պետական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու ու քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիները ներկայացնող պատուիրակութիւններ։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ ներկայ գտնուեցան
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն՝ Կ․Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեան, Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռ Ս․Էջմիածինի ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան․
✅ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն՝ Գ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան․
Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութիւն՝ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեան, Հոգեշնորհ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգչեան։