ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Հայերը Իտալիոյ մէջ

Հայերը Իտալիոյ մէջ հաստատուած են հին հռոմէական պետութեան դարաշրջանէն: Յուստինիանոս կայսեր հայազգի զօրավար Ներսէսը Իտալիոյ մեծագոյն մասը Բիւզանդական կայսրութեան յաջողութեամբ ենթարկելէ ետք՝ 555 թ․ կը նշանակուի Իտալիոյ կառավարիչ: Աւելի ուշ, 9-10-րդ դարերուն, շարք մը հայեր Թրակիայէն եւ Մակեդոնիայէն կը տեղափոխուին Իտալիա: Անոնք Պավլիկեաններու հետեւորդներն էին, որոնք Հայաստանի մէջ կը հետապնդուէին Կոստանդին կայսեր կողմէ։

Հայկական համայնքներ ստեղծուած են Իտալիոյ մէջ 12-13-րդ դարերուն, երբ Կիլիկեան Հայաստանի եւ Իտալիոյ մեծ քաղաք-հանրապետութիւններու՝ Ճենովայի, Վենետիկի եւ Պիզայի միջեւ աշխոյժ առեւտուր կ՛ընթանար: Կիլիկիոյ հայոց արքայ՝ Լեւոն Բ․ (1187–1219թթ․) պայմանագրեր կը կնքէ, որուն համաձայն իտալացի վաճառականները կրնային արհեստանոցներ եւ առեւտրատուներ հիմնել Հայոց թագաւորութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ հայ վաճառականները՝ Իտալիոյ քաղաքներուն մէջ:

13-րդ դարուն Իտալիոյ հայերու թիւը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ՝ թաթարամոնկոլական արշաւանքներու յաջորդած արտագաղթի նոր ալիքի պատճառով:

Իտալիոյ մէջ  հայկական  եկեղեցիներ կառուցուած են դեռեւս 12-րդ դարէն: 13-14-րդ դարերուն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող աւելի քան 40 եկեղեցի ու մենաստան կը յիշատակուին Իտալիոյ հիւսիսային, կեդրոնական եւ հարաւային շրջաններու մէջ, մասնաւորապէս՝ Վենետիկի, Տրիեստի, Ռավեննայի, Ճենովայի, Հռոմի, Նէափոլի մէջ եւ այլն: Յիշատակումներ կան նաեւ «հայ եկիպսոկոպոս» տիտղոսի մասին՝  սկսած 14-րդ դարէն:

Իտալիոյ հայ համայնքները ունեցած են իրենց հոգեւոր հովիւները՝ քահանաներ, վարդապետեր, որոնք ղեկավարուած են արքեպիսկոպոսներու կամ եպիսկոպոսներու կողմէ՝ ինչպէս թեմեր։ Հայկական եկեղեցիներուն կից գործած են հիւանդանոցներ, հիւրատուներ:

Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները Նէափոլի San Gregorio Armeno կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ

10-րդ դարէն ի վեր Նէափոլ  քաղաքի մէջ սկսած է գործել Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ  հայ եկեղեցին:  Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը համարուէր Նէափոլի պահապան սուրբը, եւ առ այսօր տօնակատարութիւններ կը կազմակերպուին ի պատիւ սուրբին։  Ներկայ San Gregorio Armeno կաթողիկէ այս եկեղեցւոյ մէջ կը պահուին Սուրբին մասունքները: Ամենայն Հայոց  Կաթողիկոս՝  Գարեգին Բ․ Ներսիսեան, Վատիկան  կատարած  իր այցի ժամանակ  (11/11/2000թ․) Մայր Աթոռ  կը տեղափոխէ  մասունքներէն մաս մը, որ այժմ կը պահուի Երեւանի  Սուրբ  Գրիգոր  Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ  գաւիթը:

Կը յիշատակուի նաեւ Նէափոլի Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մասին՝ կառուցուած 1328 թուականին:

11-րդ  դարուն  կը յիշատակուի  Միլանի  Սուրբ  Բարսեղ  եկեղեցւոյ կառուցման  մասին:  Մինչդեռ 1342-1650թթ․ կը գործէր Բարսեղեան միաբանութիւնը:  Միլան քաղաքի Ամպրոսեան գրադարանին կից հիմնուած է հայկական տպարան, որու առաջին գիրքը 1621-ին տպագրուած հայերէն–լատիներէն բառարանն է։

1925-32-ին Միլանի մէջ գործած է Մխիթարեաններու հովանաւորած որբանոց–վարժարանը, ուր հաւաքուած էին Մեծ եղեռնէն փրկուած հայ որբերը։

1968-ին Միլանի բազմարուեստեան /փոլիտեքնիկական/ ինստիտուտի մէջ կը հիմնուի Հայ միջնադարեան ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան կեդրոն։

Պիզա  քաղաքի մէջ հիմնադրուած է վանական համալիր (1320թ․), որ ըստ նեկրոլոգիական արձանագրութեան՝  հարիւրամեակներ շարունակ հայերուն պատկանած է: Այս տաճարէն պատճէնուած են հազուագիւտ ձեռագրեր, որոնք առ այսօր կը պահպանուին Վիեննայի Ազգային եւ Միլանի Ամպրոզիայի գրադարաններուն մէջ: Ճենովա քաղաքի մէջ 1307թ․ հայերու կողմէ կառուցուած Սուրբ  Բարթուղիմէոսի կուսանոցը եւ եկեղեցին գոյատեւած մինչեւ 1650 թ. ան յայտնի է իր «Ճենովայի Սուրբ Պատկերով» (Փրկիչի ոչ ձեռակերտ պատկերը):

15-16 դդ. Վենետիկի հայ գաղթօճախը, արդէն, կազմակերպուած կեդրոն էր։ Հայերը Վենետիկ կը ներմուծէին բամբակ, մետաքս, աղ, չամիչ, ցորեն, պղինձ եւ այլն։ Զգալի թիւ կը կազմէին նաեւ արհեստաւորները, որոնք կ՛աշխատէին նաւաշինական արհեստանոցներու մէջ։ Յակոբ Մեղապարտի կողմէ  1512 թ. Վենետիկի մէջ կը տպագրուի հայերէն առաջին գիրքը: Այստեղ գործած են  Սբ․ Յովհաննէս  Մկրտիչ  եկեղեցին  եւ  վանքը, ինչպէս  նաեւ Սբ․ Խաչ եկեղեցին՝  կառուցուած 1434 թ․, որ 1717թ․ սկսեալ կը պատկանի Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի մէջ գտնուող Մխիթարեան Միաբանութեան: Վերջինս այսօր ալ այսօր ալ կը հանդիսանայ հայ մշակոյթի կարեւոր կեդրոններէն մէկ՝ իր վանքով, գրադարանով, ձեռագրերու պահոցով եւ հրատարակչութեամբ: Վենետիկի երկու փողոցները կը կրեն հայկական անուններ՝ Ruga Giuffa (Ձուղայի փողոց) եւ Sotoportego dei Armeni (Հայերու անցուղի): Հայկական անուններով փողոցներ կան նաեւ Լիվոռնո քաղաքին մէջ:

14-րդ դարու վերջը Իտալիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ  կրօնական հետապնդումներ, եւ բոլոր հայկական եկեղեցիները կ՛անցնին տեղական կաթոլիկ հաստատութիւններու  տիրապետութեան տակ:

Ներկայիս Իտալիոյ հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովանիի ներքոյ գտնուող հայ  համայնքը ձեւաւորուած է դեռեւս 1900 թուականէն՝ Թուրքիայէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն եկած հայ  գաղթականներով, որոնք բնակութիւն հաստատած են Հիւսիսային Իտալիոյ՝  Միլան, այլ  քաղաքներ եւ համայնքներ:

1950-ական թուականներու սկիզբը կրօնական ծիսակատարութիւններ կը կազմակերպուէր Միլանի բոլոր սուրբերու Անգլիկան եկեղեցւոյ մէջ:

1995-ին Իտալիոյ իշխանութիւնը երկրի նախագահի հրամանով ընդունեց հայ հաւատացեալ համայնքի  գործունէութիւնը  եւ  պաշտօնապես  թոյլատրեց հայ առաքելական եկեղեցւոյ կառուցումը:

1957-ին Միլանի մէջ կը կառուցուի ներկայիս գործող Ս․ Քառասուն Նահատակ հայ առաքելական եկեղեցին, որ օծուած է 1958 թուականին։