ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Սբ․ Եջմիածնի Սարկաւագաց երգչախումբի համերգաշարը Կոմինտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի առիթով

Սբ․ Էջմիածնի Գեւորգեան ճեմարանի Սարկաւագաց երգչախումբին կողմէ ներկայացուած համերգներով՝ եւրոպական կարգ մը քաղաքներու մէջ նշուեցաւ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը։

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ի օրհնութեամբ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռ Սբ․ Էջմիածնի ներկայացուցիչ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ եւ խմբավարութեամբ Շահէ Քէշիշեանի՝ Գեւորգեան ճեմարանի շրջանաւարտ 15 սարկաւագներ ելոյթ ունեցան Եւրոպայի եօթն քաղաքներու մէջ։

Հոգեւոր երգերէ, Կոմիտասեան Պատարագի կարգ մը շարականներէ ու ժողովրդական երգերէ բաղկացած մէկ ժամ տեւողութեամբ համերգը՝ յոտնկայս ծափահարութեամբ գնահատանքի արժանացաւ բոլոր ներկաներուն եւ գլխաւորաբար եւրոպացի ունկնդիրներուն կողմէ։ Համերգները մեծավ մասամբ տեղի ունեցան կաթողիկէ տաճարներու մէջ՝ հովանաւորութեամբ տեղւոյն կաթողիկէ կարտինալներու կամ արքեպիսկոպոսներու։

Համերգները ներկայացուեցան Ամսթերտամի պատմական Սբ․ Հոգի եւ Ալմէլոյի (Հոլանտա) Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց առաքելաքան եկեղեցիներուն մէջ։ Երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հոլանտայի Մաստրիխդ քաղաքի հնագույն Սբ․ Սերվադէոս տաճարին մէջ, ուր զետեղուած են 4-րդ դարու հայ հոգեւորական Սբ․ Սերբադէոսի մասունքները։

Հոլանտայէն եւ Պելճիքայէն ետք՝ Սարկաւագաց Երգչախումբը  իր համերգները շարունակեց Իտալիոյ մէջ։ Հռոմի Դրաստեվերէի նշանաւոր Սբ․ Աստուածամօր նուիրուած Տաճարին մէջ համերգը ներկայացուեցաւ Կարտինալ Սանտրիի եւ Կարտինալ Քոխի հովանաւորութեամբ եւ Իտալիոյ եւ Սբ․ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպաններու մասնակցութեամբ։ Համերգին ներկայ էին նաեւ կարգ մը երկիրներու դեսպաններ, հոգեւորականներ եւ տեղացիներ։

Երգչախմբի վերջին համերգը տեղի ունեցաւ Միլանի կաթողիկէ Սբ․ Ստեփանոս Տաճարին մէջ՝ մասնակցութեամբ Միլանի եկեղեցիներու Միջեկեղեցական խորհուրդի անդամներուն։

Միլանի Սբ․ Մանկունք հայ առաքելական եկեղեցի

Սարկաւագաց երգչախումբը՝ Կոմիտասեան Պատարագի երգեցողութեամբ, մասնակցեցաւ նաեւ Պրիւքսէլի Սբ․ Մարիամ Մագդաղենացի  եւ Միլանի Սբ․ Քառասուն Մանկունք հայ աքաքելական եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած Սբ․ Պատարագի խորհուրդին։

Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան՝ անդրադարձ կատարելով համերգաշարի յաջողութեանը, նշեց, որ ան ոչ միայն ներկայացուց Կոմիտաս Վարդապետի հանճարը, այլ նաեւ ի հայտ բերեց կաթողիկէ եւ այլ քրիստոնեայ Եկեղեցիներու եւ հայ առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական սիրոյ եւ համագործակցութեան ոգին։ Սրբազան Հայրը իր երախտապարտութիւնը յայտնեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ որ Իր օրհնութիւնը տուաւ այս պանծալի նախաձեռնութեան իրագործման համար։

Դիտել Պրիւքսէլի համերգի տեսանիութը 🎬