ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Հանդիսաւոր երեկոյ նուիրուած ՍԾՏՀ-ի 30-ամեակին

9 Յունիս երեկոյեան Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀ) Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Սահակ Սարգսեան հրաւիրած է Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեանին ՝ մասնակցելու Իստամբուլի Ճեմալ  Ռեսիթ Ռեյ համերգասրահին մէջ լայնածաւալ հանդիսութեան։

ՍԾՏՀ-ի 30-ամեակին եւ այս մարմնէն ներս ՀՀ անդամակցութեան 20-րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառման ներկայ եղած է մօտ 1000 հանդիսականներ, որոնց կարգինէ դեսպաններ, գլխաւոր հիւպատոսներ և հիւպատոսություններու այլ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տ․ Սահակ Եպս․ Մաշալեան եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Դեսպան Ս․ Սարգսեան ելոյթ ունեցած է, ինչպէս BSEC գլխաւոր քարտուղար, Ռումինայի դեսպան Լազար Կոմանեսկուն։ Կոմիտասի անուան լարային քառեակը եկած էր Հայաստանէն՝ ելոյթ ունենալու եւ ընդգրկած էր իր ծրագրին մէջ Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւնները։