ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Հանդիպում Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ

Թուրքիա կատարած իր այցի ընթացքին, Յունիս 9-ի առաւօտեան Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան՝ ընկերակցութեամբ   Ն․Ա․Ս․ Սահակ Բ Պոլսոյ Պատրիարք Մաշալեանի մեկնեց Անկարա հանդիպելու երկրի ԱԳ նախարար Մևլյութ Չավուշօղլուի հետ։

Այցի նպատակը եղած էր՝ քննարկել Սբ․ Ներսէս Շնորհալիի (1166-1173) մահուան 850-ամեակի ոգեկոչումը յաջորդ տարի Կիլիկիոյ պատմական Հռոմկլայի մէջ (այսօր կը կոչուի Ռումքալէ)։ Այստեղ որպէս կաթողիկոս ծառայած է Սբ․ Ներսէս։

Սրբազան տեղեկացուց, որ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ն ծրագիր ունի մեծարելու հայազգի սուրբը աշխարհի այլ ականաւոր մարդոց հետ միասին։ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնը ստանալէ ետք ան դիմած է Վատիկան ՝ տեսնելու, թէ արդեօ՞ք Սբ․ Ներսէսի տօնակատարութիւնը կարելի է կազմակերպել Վատիկանի մէջ։

Ամենայն հաւանականութեամբ, միջոցառումը տեղի կ’ունենայ 2023 թուականի աշնան, Սբ․ Պետրոսի տաճարին մէջ միջեկեղեցական աղօթքով։ Սրբազան խնդրած է նաեւ, որ Սբ․ Ներսէսի յիշատակութեան օրը ընդունուի  հռոմէական տոմարով։ Հնարաւոր է նաեւ համերգ տեղի ունենայ Սիքստինեան մատուռին մէջ՝ Սբ․ Ներսէս Շնորհալիի  շարականներու երգեցողութեամբ, ցուցահանդէս Վատիկանի թանգարանին մէջ  եւ երկօրեայ գիտաժողով Քահանայապետական արեւելեան ինստիտուտի կողմէ։

Այս համատեքստին մէջ Սրբազան առաջարկ ներկայացուց ուխտագնացութիւն կազմակերպել դէպի Հռոմկլա, ուր կարելի է նաեւ տօնակատարութիւն  կազմակերպել եւ բացօթեայ պատարագ մատուցել։ Արտգործնախարարը ողջունեց նախաձեռնութիւնը եւ խոստացաւ աջակցել այդ գաղափարին։